Այսօրուան մեր իրականութիւնը իրատեսութեամբ գնահատելու համար, անհրաժեշտ է քաղաքական բառագիտութիւնը հանել յուզական պարունակէն ու վերադառնալ քաղաքագիտական սահմանումներուն: Քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս դոկտ. Ասպետ Քոչիկեան կ՚անդրադառնայ պետութիւն, պետականութիւն, ինքնիշխանութիւն հասկացութիւններու քաղաքագիտական ակունքներուն եւ պատմական ձեւափոխութեան: